Աւերուած է Վանի հայկական գերեզմանատունը
Թուրքիոյ խորհրդարանական ընդդիմութեան մաս կազմող, քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» Վանի եւ Տիարպեքիրի պատգամաւորներ Մուրաթ Սարըսաչը եւ Հիշեար Օզսոյը Վանի հայկական գերեզմանատան աւերման հարցը բարձրաձայնած են երկրի խորհրդարանէն ներս։
Վանի նահանգի Տուշպա շրջանի Քալեջիք թաղամասին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանատունը շինարարական մեքենաներու միջոցով աւերուած է այն անձին կողմէ, որ հանդէս եկած է իբրեւ տուեալ տարածքի սեփականատէր։ Շիրմաքարերը տեղաշարժուած են, իսկ ոսկրակտորները յայտնուած են հողի երեսին։
Ընդդիմադիր պատգամաւորները դժգոհած են, որ չ՝իրականացուիր կրօնական ու մշակութային շինութիւններու պետական պատշաճ պահպանութիւն, որուն հետեւանքով ալ օրինակ աւերուած է Վանի հայկական գերեզմանատունը։
Պատգամաւոր Մուրաթ Սարըսաչը յիշեցուած է, որ 2017-ին ալ Վանի այլ հայկական գերեզմանատան մը վրայ ամենայն թողտւութեամբ կառուցուած էր լուացարան, հանդերձարան ու կայանատեղի, իսկ գանձագողերու արարքներուն ալ վերջ չէր տրուած։
Ընդդիմադիր պատգամաւորները, ներկայացնելով աւերուած գերեզմանատան լուսանկարները, հարցապնդումով դիմած են Թուրքիոյ նախագահի օգնական Ֆուաթ Օքթային ու Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուրի Էրսոյին, թէ արդեօք պետական մարմինները տեղեա՞կ են կատարուածէն ու պատմամշակութային արժէքներուն դէմ ուղղուած յարձակումները կանխարգիլելու համար որեւէ միջոց կը ձեռնարկուի՞։