Բոլորս դէպի Արցախի միջազգային ճանաչում. Անթիլիասի մէջ խորհրդակցութիւն` մասնակցութեամբ համասփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչներու

2020-10-16
Image

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ արցախեան պատերազմի օրակարգով խորհրդակցութիւն` մասնակցութեամբ համասփիւռքեան գործունէութիւն ունեցող եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Վեհափառ հայրապետը զեկուցեց արցախեան պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած  իրավիճակին, հայկական սահմաններու պաշտպանութեան համար մղուող մարտերուն եւ անոնց առընթեր տարուող քաղաքական-յարաբերական աշխատանքներուն մասին: Պատերազմի բռնկումին առաջին օրէն սկսեալ վեհափառ հայրապետը մնայուն հաղորդակցութեան մէջ է պետական եւ եկեղեցական գործիչներուն հետ` իրադարձութիւններուն հետեւելու եւ ըստ այնմ յատկապէս միջազգային ընտանիքի տարբեր կազմակերպութիւններուն կողմէ թուրք- ազրպէյճանական յարձակումի դատապարտումը ապահովելու առումով:

5

Լիբանանի ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան

 

Հայրապետին զեկուցումին յաջորդեց քննարկում, որուն ընթացքին ընդգծուեցան հետեւեալ կէտերը.

Ա) Պատերազմը սանձազերծեց Ազրպէյճանը` Թուրքիոյ հրահրումով եւ անմիջական աջակցութեամբ ու մասնակցութեամբ: Թշնամին կը հարուածէ ո՛չ միայն զինուորական կեդրոններ, այլ նաեւ գիւղեր, քաղաքներ,  եկեղեցիներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ:

Բ) Հայոց բանակը բարձրագոյն նուիրումով եւ անսահման զոհողութիւններով կը շարունակէ դիմակայել թշնամիին յարձակումը Արցախի վրայ: Ի գին հսկայական զոհողութիւններու հայոց մարտունակ բանակը, պահեստայիններն ու կամաւորները կը շարունակեն անառիկ պահել հայրենիքի միջնաբերդը:

Հայոց բանակը կը մարտնչի ո՛չ միայն Ազրպէյճանի, այլ նաեւ Թուրքիոյ եւ Թուրքիոյ ճամբով Ազրպէյճան հասած ահաբեկիչ ուժերու դէմ` կանխարգիլելու համար հայ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած ցեղային զտումի եւ ամբողջ շրջանին համար սպառնալիք հանդիսացող համաթուրանական ծրագիրը: Կը պայքարի` թշնամիին պարտադրելու զինադադար եւ խաղաղութիւն:

Գ) Այս իրականութեան դիմաց անյետաձգելի հրամայական կը դառնայ Արցախի միջազգային ճանաչումը: Իրաւաքաղաքական բոլոր պատճառները ամբողջացած են Արցախը իբրեւ անկախ հանրապետութիւն միջազգայնօրէն ճանչցնելու:

Համահայկական օրակարգի առաջին կէտը անհրաժեշտ է բանաձեւել` Արցախի միջազգային ճանաչումը, որուն համար մեր սփիւռքեան բոլոր կառոյցները անխտիր` եկեղեցական թեմեր, կուսակցութիւններ, միութիւններ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ, համադրաբար մեր երկու պետութիւններու դիւանագիտական անձնակազմերուն, պիտի աշխատին իրականացնել կարեւորագոյն այս առաջադրանքը:

Համահայկական մեր պահանջատիրական աշխատանքներուն մէջ կը բացուի նոր փուլ: Բոլորս կ՛ուղղուինք դէպի Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում: