Եթէ ձեր նպատակը մեզ վախցնելն է, գիտցէ՛ք, որ սխալ ուղիի վրայ էք. հայերու պատասխանը «Գորշ գայլերուն»

2020-10-30
Image

Ֆրանսական Տեսինի մէջ, ուր երկու օր առաջ թրքական խումբերը ահաբեկչական կոչերով հայեր կը փնտռէին, այս գիշեր հայ համայնքի ներկայացուցիչները ուղերձ յղած են:

«Գիտցէ՛ք, որ մէկ ամիսէ աւելի է հայերը խաղաղ ցոյցեր կը կազմակերպեն՝ յանուն Արցախի խաղաղութեան: 28 Հոկտեմբերին շուրջ հարիւր հայ կրկին խաղաղ ցոյց կազմակերպած էր մայրուղիներէն մէկուն վրայ: Այդ ժամանակ հինգ անձ՝ զինուած մուրճերով ու մահակներով յարձակած է հայերու վրայ: Հայերը պաշտպանուած են: Անկէ ետք «Գորշ գայլեր» թրքական ազգայնական կազմակերպութեան խումբերը դատապարտած են հայերը եւ Տեսինի ու Վիէնի մէջ յարձակած անցորդներու վրայ: Անոնք սադրիչներ են, որոնք կ'ուզեն էթնիք բախումներ առաջացնել Ֆրանսայի մէջ հայերու եւ թուրքերու միջեւ: Սա թրքական խումբերը հրահրած է վրէժխնդրութեան: 28 Հոկտեմբերին թրքական ծագմամբ հարիւրաւոր ուլթրաազգայնականներ եկած են Տենիս եւ Վիէն՝ գտնելու հայեր: Հայերը երբեք չեն թաքնուիր: Մենք միշտ միասնական ենք եւ չենք տրուիր ձեր սադրանքներուն: Մենք չէզոք տարածքի մէջ ենք, կը յարգենք Ֆրանսայի օրէնքները:

Բայց գիտցէ՛ք, յարձակումները անպատասխան պիտի չմնան, իսկ պատասխանը շատ կոշտ պիտի ըլլայ: Այս տեսանիւթը ուղերձ է:

Գիտցէ՛ք, որ մենք կը միաւորուինք որպէս մէկ անձ ու կը պաշտպանենք մեր ընտանիքները: Հանգի՛ստ մնացէք եւ դադրեցուցէ՛ք ձեր սադրանքները:

Եթէ ձեր նպատակը մեզ վախցնելն է, գիտցէ՛ք, որ սխալ ուղիի վրայ էք:

Կեցցէ՛ Հայաստանը,

կեցցէ՛ Արցախը»,-բացագանչած են Տեսինի հայերը: