Եռակողմ հանդիպում Սուրբ Տեղեաց խնդիրներով

2022-04-05
Image

Օրերս հանդիպում տեղի ունեցած է Հայաստանի, Յորդանանի եւ Պաղեստինի ներկայացուցիչներուն միջեւ քննարկելու Սուրբ քաղաքի եւ ի մասնաւորի Հին քաղաքի մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնը  ամրապնդելու հետ կապուած հարցերը, նաեւ պաշտպանելու Սուրբ  Տեղեաց  պատմական եւ իրաւական կարգավիճակը հիմք ունենալով միջազգային օրինականութիւնն ու ՄԱԿ-ի համապատասխան բանաձեւերը: Այս մասին կը  տեղեկանանք Պաղեստինեան եկեղեցիներու հարցերով զբաղող Բարձրագոյն յանձնախումբի կայքէջէն:

Հանդիպման ընթացքին կեդրոնացած են Հայկական թաղամասի եւ անոր սրբութիւններուն վրայ,  որոնք անբաժանելի մաս կը ներկայացնեն ներկայ իրավիճակին եւ իսլամական եւ քրիստոնէական սրբավայրերու յորդանանեան խնամակալութեան, անոնք  պատմական եւ մարդկային ժառանգութիւն են Ն.Ք. չորրորդ դարէն:

Նշուած է, որ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է փոխըմբռնման յուշագիրի շուրջ,  լուծելու տեղական եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Անոնք համաձայնած են յաջորդ հանդիպումը կայացնել մօտօրէն: