Երկարատեւ դադարէ ետք Մալաթիայի վերանորոգուած հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի
Շուտով իր աւարտին պիտի հասնի Թուրքիոյ հայկական Մալաթիա քաղաքի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները, որ սկիզբ առած էր 2015-ի Յունիսիսն՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի օրօք:
Վերանորոգման ծախսերը ապահովուած էր Մալաթիոյ կուսակալութեան կողմէ։ Վերաշինութեան նախագիծը պատրաստած է իսթանպուլաբնակ մալաթիացիներու հայրենակցական միութեան անդամներէն ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ Կարպիս Էվեափան։
Եկեղեղեցւոյ վերաբացման աշխատութիւններու մասին անդրադարձած է եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ յայտնած է նաեւ «Պատրիարքութիւն Հայոց» դիմատետրեան էջը, նշելով, որ Պատրիարքական աթոռը կը հսկէ այդ աշխատանքնեըր:
Աղբիւրը մասնաւորապէս գրած է.-
«Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ ի հիմանէ վերանորոգութեան եւ վերաբացման աշխատութիւնները արդէն իսկ իրենց աւարտին հասած են։ Ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս ամսուան վերջերը։ Այս հանգրուանին, Պատիրիարքական Աթոռը իր անմիջական հետաքրքրութիւնը կը ցուցաբերէ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ նկատմամբ։
Օրհնութեամբ ու հրամանաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, 4 Օգոստոսին, Ստանպուլէն դէպի Մալաթիա ուղղուեցաւ պատուիրակութիւն մը, տեղւոյն վրայ քննելու համար տարուած աշխատութիւնները։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Պատրիարքական Աթոռոյս Լուսարարապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Մալաթիա Հայտէր Միութեան Ատենապետ Նուրհան Կէզտիրիճի եւ Միութեան անդամներէն Գէորգ Էօզքարակէօզ։ Ստանպուլէն ժամանած խումբը Մալաթիոյ մէջ դիմաւորուեցաւ Անտիոքի եւ շրջակայից Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Բրկ. Եուսուֆ Դպ. Թապաշեանի եւ Մալաթիոյ մերազն ժողովուրդի անդամներէն Սէրտար Պօյաճըի ու Արէտ Պօյաճըի կողմէ։
Տեղւոյն վրայ կատարուած քննարկումներէն ետք, պատուիրակութեան անդամները նաեւ այցելեցին Մալաթիայի Մայր Քաղաքապետ՝ Սէլահատտին Կիւրքանը։ Հանիպման ընթացքին նաեւ յստակացաւ վերաբացման արարողութեան ժամանակացոյցը։ Ինչպէս ծանօթ է, եկեղեցին պաշտօնապէս պիտի կոչուի «Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի – Թաշխորան Մշակոյթի Կեդրոն» անունով։ Ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի 26 Օգոստոս 2021, Հինգշաբթի առաւօտ, պատկան մարմիններու եւս մասնակցութեամբ, եկեղեցւոյ բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ։ 28 Օգոստոս, Շաբաթ, Պատրիարք Սրբազան Հօր ձեռամբ եկեղեցւոյ նաւակատիքի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ։ Իսկ, 29 Օգոստոս, Կիրակի, առաւօտ, Պատրիարք Հայրը, նորոգ օրհնեալ տաճարին մէջ Պատրիարքական Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ։ Հանդիպման ընթացքին, հանդիսութեանց մասին գաղափարի փոխանակումներ տեղի ունեցան։
Լուսարարապետ Հայր Սուրբը, Ստանպուլ վերադարձին, կատարուած քննարկումներուն մասին տեղեկութիններ փոխանցեց նաեւ Պատրիարք Հօր։ Եկեղեցին ներքնապէս եւ արտաքնապէս կանոնաւորուած ըլլալով, պատրաստ էր արարողութեան։ Իսկ, մինջեւ վերաբացման արարողութեան, եկեղեցին արդէն իսկ կատարելապէս գոյքերով հանդերձ պիտի ստանար տաճարի բնոյթը։ Այս առթիւ, Հայր Սուրբը, Պատրիարք Հօր փոխանցեց նաեւ քաղաքապետ Կիւրքանի ողջոյնները»։