Երուսաղէմի ՌԱԿի Է. Բաբազեան ակումբի եւ ՀԵՄ-ի կոչը՝ Արցախեան պատերազմի առաջին տարելիցի առթիւ

2021-09-27
Image

Արցախեան պատերազմի առաջին տարելիցի առթիւ ՌԱԿ Երուսաղէմի Շրջանային վարչութիւնը եւ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը հանդէս եկած են համատեղ կոչով, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.-

 

Սիրելի զաւակներ հայ ազգի,

Այսօր, 27 Սեպտեմբեր 2021-ին կը լրանայ Արցախեան երկրորդ պատերազմի առաջին տարելիցը։

Ասկէ տարի մը առաջ, Արցախի բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ յարձակման Ատրպէյճանի կողմէ։ Ատրպէյճանը անտեսելով եւ խախտելով միջազգային բոլոր ընդունուած օրէնքները շարունակեց իր յարձակումը, խախտելով Արցախի Հանրապետութեան խաղաղութիւնը։

44 տեւած այս ահրելի եւ դաժան պատերազմը որուն ընթացքին մեր զինուորները քաջութեամբ պաշտպանեցին մեր սահմանները եւ իրենց կեանքը նուիրաբերեցին հայրենիքի սուրբ հողին։

Այսօր, տարի մը անց, խոր ցաւով կը սգանք անոնց կորուստը երկրի վրայ, լաւապէս գիտակցելով, որ անոնք անմահ են, որովհետեւ անոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին վասն հայրենեաց՝ անոնք մեռան որ հայ ժողովուրդը եւ մեր հայրենիքը ապրի եւ ծաղկի։

Պարտինք յիշել նաեւ բոլոր մեր գերիները, որոնք այս պահուն ապօրինաբար կը գտնուին Ատրպէյճանի մէջ, եւ՝ ջանք ու եռանդ չխնայենք օր առաջ անոնց ազատ արձակման եւ հայրենիք վերադարձուելուն համար։

Սիրելի ժողովուրդ հայոց,

Մեր հայրենիքը կը դիմագրաւէ բազում մարտահրաւէրներ եւ դժուարութիւններ, այժմ պահն է զգաստանալու, պահն է միաւորուելու, պահն է համախմբուելու՝ յանուն մեր Հայրենիքի զօրութեան եւ գոյատեւման։

Երուսաղէմի ՌԱԿի Էօժէն Բաբազեան ակումբի շրջանակը եւ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը կոչ կ'ընեն բոլորին՝ ամէն գնով պահպանելու ազգային միասնականութիւնը, համախոհութիւնը, աջակցելու արցախեան ժողովուրդի վերականգնումին. Մեզի համար այս օրերուն առաջնային պէտք է ըլլան մեր հզօր բանակին եւ հերոս զինուորին կողքին անսակարկ նուիրումով կանգնիլը, աջակցիլը, եւ միասնաբար գործելը՝ մեր ազգին գոյատեւման եւ բարելաւման համար։

Օրհնեալ ըլլայ մեր նահատակներուն յիշատակը։ Թող բարձրեալն Աստուած մխիթարութիւն պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց հարազատները կորսնցուցին։ Ազգովին կը սգանք մեր մեծ կորուստը եւ կը խոստանանք շարունակել մեր նահատակներու սուրբ երազը՝ ըլլալ հայրենիքին կողքին որպէս մէկ ազգ եւ տէր կանգնիլ մեր պապենական հողին։