Երուսաղէմ. ՀԵՄ-ի վերամուտը
Օրերս Երուսաղէմի ՀԵՄ-ի սկաուտական շարժումը, որ աւելի վաղ ունեցած էր իր վերամուտը կարճ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարած է, թէ շարժումի գայլիկները նոյնպէս պիտի վերադառնան իրենց ամէնշաբաթայ հաւաքներուն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԵՄ-ի այս առթիւ հրապարակուած կարճ նօթը։
ՀԵՄ-ի Վարչութիւնը եւ Սկաուտական Խորհուրդը այսու գրով կը յայտնեն, թէ Ուրբաթ, 26 Նոյեմբեր, 2021-էն սկսեալ ամէն Ուրբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին պիտի վերսկսինք գայլիկութիւն:
Ինչպէս նայեւ նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ ժամը 5:30-ին «Թէյասեղան» - ժողով։
Հաճեցէք ըլլալ ճշդապահ եւ ներկայ գտնուիլ փողկապով։
Թէյասեղանի ժողովին բոլոր սկաուտներուն, արենուշներուն, գայլիկներուն եւ արծուիկներուն ներկայութիւնը կարեւոր է։