Երուսաղէմ. ՌԱԿ ղեկավարութեան հանդիպումը ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներու հետ

2022-05-31
Image

30 Մայիս, 2022ին, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի ՌԱԿ շրջանակի ղեկավարութեան եւ Հայաստանէն ժամանած ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ՝ Նարէկ Զէյնլեանի (ՀՀ Ազգային Ժողովի առողջապահութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ) եւ Լուսինէ Պատալեանի (նոյն յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ) միջեւ։

Երուսաղէմի շրջանակը կը ներկայացնէր՝  ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Փոխատենապետ՝ Ընկեր Յակոբ Անդրէասեան, ՌԱԿ Կեդր. Վարչութեան նախկին անդամ եւ Երուսաղէմի շրջանակի երկարամեայ ատենապետ՝ ընկեր Յակոբ Շէօհմէլեան, Երուսաղէմի Շրջանային վարչութեան Ատենապետ՝ ընկեր Յակոբ Փանոսեան, Փոխ ատենապետ՝ ընկեր Վիգէն Լէփէճեան, ատենադպիր՝ Ընկեր Սարօ Նագգաշեան, Գանձապահ՝ Ընկեր Սեւան Փանոսեան, Ընկերներ՝ Գրիգոր Կէճէքուշեան Եւ Պէնի Շէօհմէլեան։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Նաֆուրա» շքեղ Ճաշարանի մէջ։ 

Ընկեր Անդրէասեան խօսք առնելով, բարի գալուստ մաղթեց պատգամաւորներուն եւ հիւրերուն ներկայացուց տեղւոյս ՌԱԿ շրջանակի Վարչութեան անդամները։ Ապա, ճաշկերոյթի ընթացքին, սիրալիր մթնորոլտի մէջ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում։

ՀՀ ԱԺ պատգամաւորները լայն տեղեկութիւններ տուին Հայաստանի արտաքին եւ ներքին քաղաքական անցուդարձերու եւ տնտեսական հարցերու մասին։

Նշենք, որ Պատգամաւորները Երուսաղէմ կը գտնուին 44-օրեայ պատերազմին վիրաւորում ստացած, ՀՀ Պաշտպանութեան բանակի զինուորներու հետ, որոնք այցելեցին սրբատեղիները։

Այս այցելութիւնները պիտի ըլլան շարունակական, ամիսը անգամ մը, վիրաւոր զինուորներու այլ խումբերու մասնակցութեամբ։ 

 

Թղթակցութիւն