Էրտողանն ընդունած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Երկրորդը

2020-01-15
Image

Մամուլին համար փակ եղած հանդիպումով մը, Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Ռեճէպ Թայէպ էրտողան ընդունած է Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանը։

Այս մասին լուրը  տրուած է Էրտողանի «Թուիթըր»եան պաշտօնական էջը։

Նշենք, որ Սահակ եպս. Մաշալեանի Էրտողանի հետ երէկ տեղի ունեցած  հանդիպումը, առաջինն էր անոր Պատրիարք ընտրութենէն ասդին։

Պատրիարք  հօր, որպէս գաւազանակիր ընկերակացած է Պոլսոյ Կրօնական Ժողովի ատենապետ Տ. Թաթուլ ծ.վրդ Անուշեանը։

Յիշեցնենք, որ Սահակ  եպս. Մաշալեան Պոլսոյ Պատրիարք ընտրուած էր  անցնող դեկտեմբեր ամսուան 11-ին, մեծ  առաւելութիւն մը գրանցելով իր մրցակից Տ. Արամ արք. Աթէշեանին դէմ։