Ըստ Սերժ Թանքեանի լուծումը արտահերթ ընտրութիւններն են 

2021-03-15
Image

Աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ, System of a Down ռոք խումբի մենակատար Սերժ Թանքեանը հարցազրոյց տուած է Vulture կայքին, որու ընթացքին անդրադարձած է տարբեր հարցերու, այդ շարքին՝ իր երաժշտական եւ հասարակական գործունէութեան։

Սերժ Թանքեանը խօսած է նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակի մասին: Ան նշած է, որ 10 նոյեմբերի զինադադարէն ի վեր հայերը կը սգան ոչ միայն զոհուած երիտասարդներու կորուստը, այլեւ 2500-ամեայ պատմական հայրենիքի, որ գրաւուեցաւ «բռնապետութիւններու կողմէ, որոնք անպատիժ կերպով յարձակեցան՝ առաջադէմ զինատեսակներու հետ միասին օգտագործելով ապատեղեկատուութիւն»:

«Սա ակնյայտօրէն Հայաստանի մէջ ստեղծածէ անկայունութիւն եւ մեծ զայրոյթ առաջացուցած է Նիկոլ Փաշինեանի ներկայիս կառավարութեան նկատմամբ: Ան յեղափոխական առաջնորդն էր, որ սկսաւ կառավարել 2018-ի թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, որ Հայաստանի պատմութեան համար գագաթնակէտային պահ էր։ Այժմ մեր պատմութեան համար անհաւատալիօրէն վատ պահ է։ Փողոցը գտնուող ընդդիմութիւնը կազմուած է տարբեր կուսակցութիւններէ, որոնցմէ շատերը նոյնիսկ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած չեն։ Անոնց մեծ մասը կապուած են հին իշխանութիւններու հետ եւ կը փորձեն օգտագործել քափիթուլացիան կամ պարտերազմի պարտութիւնը եւ վերադարձնել իշխանութիւնը»,- նկատած է ան:

Ռոք երաժիշտը ստեղծուած իրավիճակին մէջ լուծումը կը տեսնէ արտահերթ ընտրութիւններուն մէջ։

«Ստեղծուած իրավիճակի լուծումը ժողովրդավարական, սահմանադրական եղանակով առաջ երթալն է, այսինքն՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց մասին ինչ-որ պահի կը խօսէր գործող կառավարութիւնը: Ընդդիմութիւնը դէմ էր, քանի որ կը վախնար, որ նոյնիսկ նոր ընտրութիւններու պարագային իրենք ժողովուրդէն չեն ստանար այնքան աջակցութիւն, որքան պատերազմը տանուլ տուած գործող իշխանութիւնները», – նշած է Թանքեանը:

Սերժ Թանկեանը շեշտած է, որ միակ ճանապարհը հիմա ժողովրդավարութիւնն է, եւ ո՛չ բանակը, ո՛չ ալ ընդդիմութիւնը պէտք չէ ստանձնեն ղեկավարումը: Ըստ Թանքեանի՝ հարկաւոր է ընտրութիւններ կայացնել աւելի շուտ, քան կը լրանայ գործող խորհրդարանի մանտաթը։