Թիֆլիսի հայութիւնը բողոքի ցոյց կատարեց «Mtavari archi» հեռուստաընկերութեան դէմ
Թիֆլիսահայութիւնը հանդէս եկած է արշաւով, որուն ընթացքին բազմաթիւ մեր հայրենակիցներ քայլերթով նախ շարժած են «Mtavari archi» հեռուստաընկերութեան մօտ եւ իրենց բողոքի ձայնը հնչեցուցած են արցախեան ռազմական գործողութիւններու վերաբերեալ հեռուստաալիքի միակողմանի՝ ընդգծուած փրոատրպէյճանական եւ ոչ մասնագիտական գործունէութեան դէմ։ Այս մասին կը հաղորդէ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:
Ապա թիֆլիսահայերը հաւաքուած են Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան առջեւ եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Մայր Հայրենիքին ու մարտի դաշտին մէջ հերոսաբար մարտնչող հայ զինուորին։
Հաւաքի մասնակիցներուն հետ հանդիպած է նաեւ դեսպան Ռուբէն Սադոյեանը եւ նշած է, որ հայու միասնականութիւնը եւ ոգին անկոտրում են, որուն ապացոյցն է նաեւ աջակցութեան այս հաւաքը։