Թուրքերը պեղումներ կ՝իրականացնեն Անիի ստորգետնեայ պատմութիւնը վեր հանելու համար

2021-08-11
Image

Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Հայոց հինաւուրց մայրաքաղաք Անիի աւերակներուն մէջ պեղումներ կը կատարուին։ Միաժամանակ 4 տարբեր կէտերու մէջ իրականացուող պեղումնային աշխատանքներուն կը մասնակցին Թուրքիոյ 12 տարբեր համալսարաններէ արուեստի պատմութեան մասնագէտներ, հնագէտներ, ճարտարապետներ եւ վերականգնող մասնագէտներ։

Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, յայտնած է «Անատոլու» թրքական պետական լրատուական գործակալութիւնը։ Թրքական լրատուամիջոցը բնականաբար չէ նշած Անիի հայկական ծագման մասին, այլ բաւարարուած է միայն յիշատակելով Բագրատունիները։

Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Մշակութային հարստութիւններու եւ թանգարաններու ընդհանուր տնօրինութեան եւ Կովկասի համալսարանի համատեղ ջանքերով կատարուող պեղումնային աշխատանքները կը ղեկավարուին դոկտոր Մուհամմէտ Արսլանի կողմէ։

Վերջինս «Անատոլու» գործակալութեան թղթակիցին յայտնած է, որ պեղումները սկսած են 2019-ին։ Պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած բոլոր գտածօները կը յանձնուին թանգարաններուն։ Արսլան նաեւ նշած է, թէ պեղումները իրականացնող խումբին մէջ ընդգրկուած են 35 հոգի, ներառեալ՝ ուսանողներ։

Անիի մէջ իրականացուող այս պեղումնային եւ վերականգնողական աշխատանքներուն հիմնական նպատակը Մանուչէի մզկիթը եւ իսլամական բնոյթի այլ շինութիւններ վերանորոգելն է։

Այսպէս, աղբիւրին համաձայն, պեղումներուն հետեւելու նպատակով Անի այցելած Կարսի նահանգապետ Թուրքեր Օքսիւզը լրագրողներուն յոյս յայտնած է, որ «Անատոլիայի առաջին մզկիթը» համարուող Մանուչէի մզկիթը 16 Օգոստոսին պիտի բացուի իսլամական արարողութիւններուն համար։

 

Աղբիւրը՝ Akunq.net