Թուրքիոյ մէջ Ամասիայի թանգարանը կը թաքցնէ ցուցանմուշներուն հայկական ծագումը

2021-08-27
Image

Թուրքիոյ Ամասիայի թանգարանին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան նմուշները կը ցուցադրուին, բայց անոնց ծագումը լռութեան կը մատնուի։ Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի՝ «Twitter»-ի թրքական տիրոյթին մէջ ահազանգած է օգտատէրերէն մէկը՝ նշելով, որ հայկական ժառանգութիւնը ընդգրկուած է Բիւզանդիոյ պատմութեան ցուցասրահին մէջ ու անոնց հայկական ծագման մասին ոչ մէկ խօսք կայ։ Անգամ բաց վիճակի մէջ ցուցադրուող հնագոյն հայերէն Աստուածաշունչ գիրքերու համար որեւէ տեղ նշուած չէ, որ հայերէն են։

«Ամասիայի թանգարանի «Արեւելեան Հռոմէական / Բիւզանդական կայսրութիւն» բաժինը լի է սխալներով։ Անփորձութիւնը, անտեղեակութիւնը, անտարբերութիւնն ու գիտակցաբար տեղեկութիւնները կոծկելու միտումը խառնուած են իրարու։ Ահա այս երկրին մէջ անցեալի հանդէպ անվերջ վախի եւս մէկ օրինակ․ Մարիամ Աստուածածնի այս արձանը, ըստ պնդման, կը պատկանի Արեւելեան Հռոմէական կայսրութեան ժամանակներուն։

Արեւելեան Հռոմէական կայսրութեան անուան տակ կը ներկայացուին Ամասիայէն ու շրջակայ տարածքներէն բերուած եւ 19-րդ դարուն պատկանող արձաններ, սրբապատկերներ, Աստուածաշունչ մատեաններ։ Բայց ոչ մէկ բացատրութիւն կայ, թէ անոնք ուրկէ ու ինչ ճանապարհներով այդտեղ հասած են, իսկ եթէ կայ, շատ թերի, կցկտուր է։ Աստուածաշունչերը հայերէն են, բայց հայերէն ըլլալուն վերաբերեալ այցելուներուն ոչ մէկ տեղեկութիւն կը տրուի»,- գրած է Պաշաք անունով օգտատէրը։