Թուրքիոյ մէջ կ'աւերեն հերթական հայկական եկեղեցին

2021-01-27
Image

Թուրքիոյ արեւմտեան Քէօթահիա նահանգին մէջ աւերած են Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին։ Այս մասին գրառում ըրած է իրաւապաշտպան Արլեթ Նաթալի Աւազեանը, որ յայտնի է թրքական իշխանութիւններուն հասցէագրուած սուր քննադատութիւններով։

«Դուք ընդհանրապէս յարգանք չունի՞ք պատմութեան նկատմամբ։ Հայերու պատմութիւնը ոչնչացնելով՝ այս հողերուն վրայ հայերու գոյութիւնն ա՞լ պիտի անտեսէք»,- գրած է իրաւապաշտպանը եւ յիշեցուցած Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ յղում ընելով հայ մտաւորական Արշակ Ալպոյաճեանի գիրքին, ուր հեղինակը կը պատմէ եկեղեցւոյ տարածք կատարած իր այցի մասին։ 

Սուրբ Թորոս եկեղեցին կառուցուած է Օսմանեան կայսրութեան Մուրատ սուլթանի օրօք։ Թէեւ եկեղեցին 1603թ․ ճալալիական ապստամբութեան ժամանակ քանդուած է, բայց այնուհետեւ վերակառուցուած է։ Ալպոյաճեանի գիրքին մէջ նշուած է, որ մարդիկ կը հաւատան, որ Սուրբ Թորոսի ձիու պայտի հետքը կը գտնուի այն ժայռաբեկորի վրայ, ուր կառուցուած է եկեղեցին։ Ըստ աւանդութեան՝ թուրք կանայք հիւանդութիւններէն բուժուելու համար կու գային կը նստէին եկեղեցւոյ մօտ եւ հոգեւորականներէն կը խնդրէին սուրբ գիրք կարդալ։

Եկեղեցին ժամանակին ծառայած է նաեւ որպէս հանդիսութիւններու սրահ, ապա ամբողջովին փակուած։ Պատմելով եկեղեցի կատարած այցի մասին՝ Ալպոյաճեանը գրած է. «Այժմ Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ դուրսի դռան փակցուած է այս ցուցանակը՝ «Շէնքին մօտենալը վտանգաւոր է եւ կ'արգիլուի»։ Մարդոց մօտենալով, կը հարցնեմ հնարաւո՞ր է կապ հաստատել հանդիսութիւններու սրահի սեփականատիրոջ հետ: Այստեղ հին եկեղեցի է, կ'ուզենք աղօթել: Բայց Սուլէյման անունով մէկը պատասխանեց, որ բանալիները յանձնած է սեփականատիրոջ։ Վերջինիս հետ հեռախօսով խօսեցանք եւ ըսաւ, որ թոյլ չի տար ներս մտնել»: