Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիները բարձրանալով հայկական եկեղեցւոյ պատի վրայ՝ պարած են խաչի շուրջ
Թուրքիյո մէջ, 3 մարդ բարձրացած է Պոլսոյ Գատիգիւղ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ մուտքի պատին վրայ, եւ բարձր երաժշտութիւն միացնելով, սկսած են պարել խաչի շուրջ:
Թէեւ եկեղեցւոյ մօտ ոստիկաններ եղած են, այնուամենայնիւ սրբավայրը անարգող քաղաքացիներու դէմ միջոցներ չեն ձեռնարկած:
Այս միջադէպի տեսանիւթը յայտնուած է համացանցի մէջ եւ արժանացած է Թուրքիոյ հայերու եւ քրիստոնեայ այլ համայնքներու ներկայացուցիչներու խիստ քննադատութեանն ու պարսաւանքին:
Թուրքիոյ մէճլիսի հայ անդամ Կարօ Փայլան դատապարտած է եղածը ու կը սպասուի նաեւ, որ Պոլսոյ հայկական կառոյցները այսօր նոյնը ընեն ու աւելի անդին ալ երթալով երկրի ՆԳ կառոյցներէն պահանջեն քննութիւն բանալ եղածին վերաբերեալ։