Թուրքիոյ նոր երկրաշարժի հետեւանքով վնասուած է Վաքըֆլըի հայկական եկեղեցւոյ զանգակատունը
Թրքական Հաթայ նահանգին մէջ, 20 փետրուարին գրանցուած 6,4 եւ 5,8 ուժգնութեամբ երկրաշարժերու հետեւանքով զգալիօրէն վնասուած են Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղի՝ Վաքըֆլըի շէնքերն ու շինութիւնները։ Մարդկային կորուստներ չկան։
Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն յայտնած են, որ վնասուած է գիւղի հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ զանգակատունը եւ պատերը։ Վնասներ կրած է նաեւ նախկին հիւրանոցի պատը։