Իսրայէլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յուշարձան պիտի բարձրացուի
Իսրայէլի մէջ պիտի տեղադրուի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձան: «Արմէնբրես»–ի հաղորդմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշած է «Հայաստան-Իսրայէլ» միջազգային հասարակական ֆորումի համանախագահ դոկտոր Ալեքսանտր Ցինքըրը:
«Թոյլտւութիւն ստացուած է, համապատասխան մաքեթը մշակուած է, եւ մենք հիմա սկսած ենք դրամահաւաք Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձանի ստեղծման, բացման համար: Այն նախատեսուած է տեղադրել Իսրայէլի Փեթախ Թիքվա քաղաքին մէջ: Այնտեղ քաղաքապետ փոխուած է, կը կարծէինք, թէ խնդիրներ կ'ըլլան, սակայն, փառք Աստուծոյ, բոլոր հարցերը կարգաւորուած են»,-ըսած է Ալեքսանտր Ցինքըրը:
Որոշում կայացուած է յուշարձանը պատրաստել Հայաստանի մէջ, այնուհետեւ տեղափոխել Իսրայէլ:
Ալեքսանտր Ցինքըրը նշած է, որ մէկ այլ ուղղութեամբ եւս կը նախատեսեն աշխատանք տանիլ: Փեթախ Թիքվայի նախկին քաղաքապետի եւ Գիւմրիի քաղաքապետի միջեւ եղած է նամակագրութիւն քոյր քաղաքներ դարձնելու մասին: Փեթախ Թիքվայի նոր քաղաքապետը եւս համաձայն է: