Լաչինի տագնապ. Լիբանանի հայկական 3 յարանուանութիւնները հանդէս եկան միացեալ կոչով

2022-12-19
Image

Լաչինի շուրջ ընթացող զարգացումներուն, ստեղծուած տագնապալի իրադրութեան  առընթեր Լիբանանի հայկական  3 յարանուանութիւնները հանդէս եկած են միացեալ կոչով, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

 

Մտահոգութեամբ ու զարհուրանքով կը հետեւինք Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ անցքի եւ կազատար խողովակի փակման լուրերուն:

Փաստօրէն, Արցախէն փրկուած փոքրիկ մասնիկն ալ այսօր ենթակայ է վերջնական կորուստի:

44-օրեայ պատերազմէն ետք ի զուր սպասեցինք, որ Ազրպէյճանի ոտնձգութիւնները զսպելով, միջազգային ընտանիքը առաջքը առնէ Արցախի շուրջ օր ըստ օրէ աւելիով սեղմուող մահուան օղակին եւ երաշխաւորէ Արցախի հայութեան ապահովութիւնը: Մեր ժողովուրդին համար մահու եւ կենաց հանգամանք ունեցող ներկայ կացութեան դիմաց, նաեւ ի զուր սպասեցինք, որ համազգային ջանքերը միաւորելու եւ հայութեան կեանքին մէջ ինքնապաշտպանութեան նոր կորով ստեղծելու առաջադրանքով, Հայաստանի իշխանութիւնները անհրաժեշտ ճիգ թափեն:

Ուստի, այսու կոչ կ՛ուղղենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն եւ կը թելադրենք, որ մեր ազգին սպառնացող վտանգները նշմարելով, մեր եկեղեցիներուն ու կառոյցներուն շուրջ բոլորուինք եւ Արցախին զօրակցելով, ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը վեր բարձրացնենք:

Լիբանանահայութիւնը անտարբեր չի կրնար մնալ Արցախը յուզող հարցերուն նկատմամբ: Այո՛, զրկուած ենք հայրենի հողին վրայ ապրելու կարելիութենէն, բայց հայրենական յիշողութիւն եւ լինելիութեան փորձառութիւն ունեցող հաւաքականութիւն ենք:

Սփիւռքի տարածքին կամ հայրենիքի մէջ, մեր ժողովուրդի կեանքը, գոյութեան համար մղուած ամէնօրեայ պայքար է, եւ այդ պայքարին մէջ ներկայ պէտք է ըլլանք բոլորս` հոգեւորական կամ աշխարհական, տարեց ու երիտասարդ, որպէսզի այս օրերու պայմաններուն մէջ ալ նոր ու լուսաւոր տեսիլք գտնենք:

Անկասկած, հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ունեցած է ողբերգական էջեր ու փառահեղ յիշատակներ: Արդարեւ, երբեմն անցած ենք արեան ճամբաներէ ու ոտնակոխ եղած եւ երբեմն ալ տարագրուած ենք ու նախճիրներու զոհը դարձած: Սակայն, միշտ ոտքի կանգնած ենք ու փառահեղ յաղթանակներ տանելով` հայրենի հողին վրայ դարձեալ ծլելու ու ծաղկելու իրաւունք ձեռք բերած:

Այսօրուան մթագնած վիճակին մէջ, յիշենք, որ Աստուած, կը շարունակէ իր սիրով պայծառացնել իր սիրելիներուն կեանքը, որպէսզի աշխարհի դժուարութիւններէն ու դժբախտութիւններէն միշտ յաջողի դուրս բերել լուսաւոր եւ յուսալի վիճակներ:

Աղօթենք, որ ամենաբարին Աստուծոյ պահապան Աջը պաշտպանէ Արցախն ու Հայաստանը, զօրացնէ մեր ժողովուրդի զաւակները եւ մեզ հաւաքաբար առաջնորդէ աւելի լուսաւոր եւ աւելի յուսալի վիճակներու:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ