Լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանը ազատութեան մէջ (Լուսանկարներ)
Գերեվարուած Մարալ Նաճարեանը ազատ արձակուած է ու վերադարձած է տուն` Պէյրութ: Ինչպէս կը հաշորդէ armradio.am-ը լուրը հաստատած է Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը:
Լիբանանահայ Յակոբ Հաւաթեանը դիմատետրի իր էջին լուսանկարներ հրապարակած է՝ գրելով, որ Մարալ Նաճարեանն արդէն կը գտնուի Լիբանանի իր բնակարանին մէջ եւ շրջապատուած է մտերիմ մարդոցմով:
Մարալը գերեվարուած էր 10 նոյեմբերին՝ Բերձորի մէջ, ուր մեկնած էր անձնական իրերը վերցնելու։