Լիբանանի մէջ. ՀՅԴ- ՍԴՀԿ-ՌԱԿ Հանդիպում

2023-02-09
Image

Չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2023-ին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչները գումարեցին հերթական նիստ մը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ:

Ժողովը առաջին առիթով անդրադարձաւ 6 փետրուարին տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով սուրիահայութեան կրած մարդկային եւ նիւթական վնասներուն` արձանագրուած զոհեր, բնակարաններու, հաստատութիւններու, եկեղեցիներու եւ համայնքային կեդրոններու ծանր վնասներ: Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները այս առիթով կը յայտնեն իրենց ցաւակցութիւնը, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատեն իրենց զօրակցութիւնը` կանգնելու տագնապահար սուրիահայութեան կողքին: Ժողովը իր վշտակցութիւնը կը յայտնէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան, որ անմասն չմնաց երկրաշարժին պատճառած արհաւիրքէն:

Ժողովը անդրադարձաւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող շրջափակման, որ օրէ օր աւելի կը ծանրացնէ ժողովուրդին առօրեան` ստեղծելով նոր տագնապներ եւ դժուարութիւններ:

Ժողովը հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը պիտի շարունակէ զանազան նախաձեռնութիւններով իր պահանջատիրական երթը եւ արցախահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները պիտի շարունակեն մնալ ուշադրութեան առանցք:

Այս տարին կը զուգադիպի Սումկայիթի եղեռնագործութեան 35-ամեակին: Թշնամի Ազրպէյճան, Սումկայիթի մէջ իր կատարած անմարդկային ու վայրագ սպանդներէն ետք, մինչեւ այսօր կը շարունակէ ցեղասպանական մոլուցքով Արցախի բնաջնջման իր վարքագիծը:

Յարգելու համար Սումկայիթի զոհերուն յիշատակը, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները որոշեցին կիրակի, 26 փետրուար 2023-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած յուշակոթողին դիմաց կազմակերպել յատուկ ձեռնարկ մը:

Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն` խուռներամ շարքերով ներկայ գտնուելու ոգեկոչման այս ձեռնարկին եւ լիբանանահայութեան դատապարտանքի ձայնը լսելի դարձնելու ամէնուրեք:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ