Լիբանանի մէջ շարունակուող ճգնաժամը կրնայ հարուածել հայ համայնքի ազդեցութեան. փորձագէտ

2020-06-22
Image

Լիբանանի հայ համայնքի հետ կապուած մտավախութիւն կայ՝ հաշուի առնելով, որ շարունակուող ճգնաժամը կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ երկրին մէջ ստեղծուած ցեղային-քաղաքական իրավիճակին վրայ: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է արաբագէտ Սարգիս Գրիգորեանը:

Ըստ անոր՝ վերջին տարիներուն  Թուրքիան էականօրէն ամրապնդած է իր դիրքերը այս երկրին մէջ, որ պայմանաւորուած է նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող անկայունութեամբ: «Անգարան կը փորձէ օգտուիլ անկէ եւ ամրապնդուիլ: Թուրքիոյ համար Լիբանանը կարեւոր է, նաեւ՝ որպէս Սուրիոյ թուլացման գործօն՝ տարածաշրջանին մէջ, որ միշտ իր ռազմավարական ազդեցութեան գօտին համարած է: Ասոր զուգահեռ «Հըզպալլա» կազմակերպութեան թուլացում կը նկատուի, որ սակայն կը շարունակէ ազդեցիկ ուժ մնալ երկրին մէջ, որ լուրջ զսպիչ գործօն է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար»,- ըսած է ան:

Փորձագէտը կը կարծէ, որ թրքական կազմակերպութիւններու հակահայկական շարժումը, որ սկիզբ առած է քնանի մը օր առաջ, տեղական բնոյթ կը կրէ, սակայն այն ցոյց կու տայ Անգարայի աճող ազդեցութիւնը լիբանանեան ներքին գործընթացներուն վրայ, քանի որ ան կը յաջողի արձագանգել հակաթուրքական դրսեւորումներուն եւ նոյնիսկ ելոյթներով հանդէս գալ այս կամ այն ​​տրամադրութիւնները զսպելու անհրաժեշտութեան մասին»:

Նշենք, որ աւելի վաղ ԶԼՄ-ները յայտնած էին Պէյրութի մէջ հակահայկական ցոյցին մասին, որ եղած է այն բանէն ետք, երբ հեռուստածրագրի ընթացքին, որուն հաղորդավարը հայ էր, քննադատութիւն հնչեցուած էր Անգարայի յարձակողական արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ: Բողոքի ցոյցերը յաջորդած էին հաղորդավարի հասցէին հեռուստադիտողի վիրաւորական հաղորդագրութեան եւ վերջինիս արձագանգին:

Նշենք, որ Լիբանանի մէջ երկար ժամանակ է անկայուն քաղաքական իրավիճակ կը տիրէ: