Լոս Անճելոս. ՌԱԿ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումը Պրն. Արման Պապաճանեանի հետ

2021-07-02
Image

Չորեքշաբթի՝ 30 Յունիս 2021-ին, տեղի ունեցաւ հանդիպում «Յանուն հանրապետութեան» կուսակցութեան հիմնադիր Պրն. Արման Պապաճանեանի եւ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններէ բաղկացած պատուիրակութեան մը հետ, գլխաւորութեամբ Կեդր. Վարչութեան Ատենադպիր՝ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի։

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած անկեղծ զրոյցի ընթացքին Պրն. Պապաճանեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութեան պատասխանատուներ քննարկեցին  եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերին՝ համագործակցութեան ընդարձակ օրակարգի շուրջ:

Կողմերը վերահաստատեցին, որ Հայաստանի պետականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ անվտանգութիւնը կը մնան համահայկական նպատակ:

Նշենք, որ հանդիպումը կայացած է Պրն. Արման Պապաճանեանի Լոս Անճելոս այցի ծիրէն ներս, ուր ան Լոս Անճելոսի Իրանահայ Միութեան հրաւէրով հանդիպում պիտի ունենար  հայ համայնքի հետ, քննարկելու համար Հայաստանին, Արցախին եւ սփիւռքին վերաբերող ամենահրատապ հարցերը: