Կասեցնել Իսրայէլի կողմէ զինամթերքի վաճառքը Ատրպէյճանին. Ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը. Հայութիւնը բողոքի ցոյց կատարեց Երուսաղէմի մէջ
Երուսաղէմի մէջ, Հինգշաբթի, 22 Հոկտեմբեր, 2020ին տեղի ունեցաւ աննախընթաց ցոյց-հաւաք մը Իսրայէլի Արտաքին Գործոց նախարարութեան դիմաց։ Ցոյցը կազմակերպուած էր Երուսաղէմի Միացեալ Յանձնախումբի կողմէ, որուն մաս կը կազմեն Երուսաղէմի ՌԱԿ-ի շրաջանակը եւ ՀԵՄ-ը, ՀՅԴ-ի Հայ Դատի յանձնախումբը , ՀՄԸՄ-ը, ՀՕՄ-ը, ԵՀՄԲ-ը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի հայ գաղութը ներկայացնող կազմակերպութիւններ։
Ցոյցին մասնակցեցան Երուսաղէմի եւ Իսրայէլի տարբեր շրջաններէն եկած Հայ համայնքի մօտ 1200 անդամ: Մասնակիցները իրենց հետ ունէին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներ եւ հարիւրաւոր ցուցատախտակներ, որոնց վրայ գրուած էր՝ «Կասեցնել Իսրայէլի կողմէ զինամթերքի վաճառքը Ատրպէյճանին», «Ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը», «Կանխել նոր ցեղասպանութիւնը» եւ այլ՝ հայութեան պահանջը ներկայացնող տարբեր լոզունգներ։
Ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ասորի համայնքի ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հրեաներ։
Ցոյցը մեկնարկեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով, որմէ ետք օրուայ պատգամը յղեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխ ատենապետ ընկեր Յակոբ Անդրէասեանը, որ յայտնեց ՌԱԿ-ի եւ ՀԵՄ-ի դիրքորոշումը Արցախի վրայ ատրպէյճանա-թրքական ահաբեկչական յարձակումի կապակցութեամբ՝ դատապարտելով այն եւ ներկայացուց օրուայ գլխաւոր պահանջը, որն է՝ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը եւ դադրեցնել զէնքի վաճառքը Ատրպէյճանին։
Նոյն կոչով եւ պահանջով հանդէս եկան նաեւ միւս կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները՝ տարբեր լեզուներով, որոնք բոլորն ալ քննադատեցին Իսրայէլեան զէնքերու վաճառքը Ատէրպէյճանին եւ զօրակցութիւն յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման պահանջին ։
Հնչեցին նաեւ ազգային երգեր, որուն ձայնակցեցան բոլոր ներկաները։
Ցոյցը, որ կայացաւ ոստիկանութեան կողմէ յատուկ արտօնագրով, աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով։
Այստեղ կ'ուզենք նշել, թէ ՌԱԿ-ի եւ ՀԵՄ-ի երիտասարդները իրենց գնահատելի աշխատանքը տարին միւս կազմակերպութիւններուն հետ մէկտեղ, ցոյցին յաջողութեան համար։
Թղթակցութիւն