Կարօ Փայլան մեճլիսի մէջ բարձրացուցած է հայկական համայնքին պատկանող հիմնադրամներու ղեկավարներու ընտրութեան հարցը

2021-08-20
Image

Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու՝ մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութեան խնդիրը։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ժամանակ»ը:

Ան յիշեցուց Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ վերջին շրջանին կատարուած յայտարարութիւնը, ըստ որոնց ոչ-իսլամ համայնքներու վաքըֆներու վարչական խորհուրդներու ձեւաւորման եւ ընտրութեան վերաբերեալ կանոնադրութիւնը կը վերաձեւաւորուի։ Պատգամաւոր Կարօ Փայլան մատնանշած է, որ հակառակ այս յայտարարութեան, այս ուղղութեամբ տակաւին որեւէ քայլ չէ առնուած։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնն ալ յուսախաբութեան պատճառ դարձած է՝ կարգ մը վաքըֆներու կողմէ կատարուած ընտրութեան պահանջին փոխարէն՝ հերթական անգամ մատնանշելով 2019 թուականին հրապարակուած շրջաբերականը, որով նշանակովի անդամներով կը համալրուին փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու վարչական խորհուրդները։ 19 յունուար 2013 թուականին կանոնադրութեան ջնջուելուն հետեւանքով փոքրամասնական հաւաքականութիւնները աւելի քան ութ տարիէ ի վեր ընտրութիւն չեն կրնար իրականացնել։

Այս բոլորի լոյսին տակ Կարօ Փայլան շարք մը հարցումներ օրակարգի վրայ բերած է՝ պահանջելով Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայի պատասխանը։ Ընդդիմադիր երեսփոխանը հարց տուած է, թէ իշխանութիւնը մէկ կողմէ ամէն առիթով քուէատուփը մատնանշելով հանդերձ, միւս կողմէ ինչո՞ւ ութ տարիէ ի վեր կը խոչընդոտէ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու ընտրութիւնը։

Սահմանադրութեան 98-րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96 եւ 99-րդ յօդուածներուն հիման վրայ Կարօ Փայլան գրաւոր պատասխան պահանջած է Ֆուաթ Օքթայէն այս նիւթին կապակցութեամբ։ Ան շեշտած է, որ առկայ կացութիւնով թէ՛ փոքրամասնութիւններու ընտրութեան իրաւունքը կ՚արհամարհուի եւ թէ անոնց վաքըֆները արդիւնաւէտ չեն ղեկավարուիր։ Հակառակ քանիցս տրուած խոստումներուն, ինչո՞ւ արտօնութիւն չի տրուիր փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութեան համար։ Կարօ Փայլան մանաւանդ հարց ուղղած է, թէ ի վերջոյ ե՞րբ տեղի պիտի ունենան այդ ընտրութիւնները։