Կիպրահայութիւնը բողոքի հաւաքներ իրականացուց Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն առջեւ (Լուսանկարներ)

2020-10-01
Image

Սեպտեմբեր 30-ի յետմիջօրէին, բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Կիպրոսի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Մ. Նահանգներու դեսպանատուներուն առջեւ, կազմակերպութեամբ՝ Կիպրոսի մէջ գործող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միաւորներուն:

Նիկոսիոյ մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը կը հովանաւորէր Կիպրոսի Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը, նախագահութեամբ՝ Հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի:

Ցուցարարները ներկայացնող պատուիրակութիւնը ներկայացաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Մ. Նահանգներու դեսպաններուն եւ Սեպտեմբեր 27-ին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծած լայնածաւալ յարձակումները դատապարտող յուշագիր մը յանձնեց բարձրաստիճան դիւանագէտներուն: Յուշագիրը կը դատապարտէր նաեւ Թուրքիոյ ակնյայտ ներգրաւուածութիւնը, մատնանշելով, որ Արցախեան հիմնահարցը կրնայ լուծում գտնել միայն բանակցութիւններու եւ ո՛չ թէ ռազմական գործողութիւններու միջոցով: Նոյն օրը առաւօտեան յուշագիրէն օրինակ մը յանձնուած էր նաեւ Ֆրանսայի դեսպանին:

Ցոյցին մասնակցեցան 400-էն 450 ցուցարարներ, եռագոյն եւ Արցախի Հանրապետութեան դրօշակներով ու պաստառներով, որոնք ցոյցի ընթացքին բարձրաղաղակ կը բացականչէին Արցախի մէջ՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւնները դատապարտող կարգախօսեր։

Ցոյցին մասնակցեցան նաեւ յոյն-կիպրացի բազմաթիւ երեսփոխաններ, նախկին եւրոխորհրդարանականներ, Սթրովոլոսի քաղաքապետը, ինչպէս նաեւ՝ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ վերջերս կազմուած Արցախի Բարեկամներու Շրջանակի անդամներ։ Ցոյցին լայն կերպով անդրադարձաւ տեղական մամուլը, զանգուածային լրատուամիջոցներն ու ընկերային ցանցերը։

5

 

5

 

5

 

5

 

5

 

5

 

5

 

5

 

5