Կիպրոս. Ինքնաշարժերու Երթ Յանուն Արցախի Զօրակցութեան
Կիրակի 25 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, կիպրահայ համայնքը, հոծ մասնակցութեամբ, իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի մէջ մարտնչող հայրենակիցներուն, Ինքնաշարժերու Համագաղութային երթով մը, զոր սկիզբ առաւ Կիպրոսի գլխաւոր քաղաքներուն մէջ՝ համախմբելով եւ միաւորելով Պաֆոսէն, Լիմասոլէն, Լառնաքայէն եւ Նիկոսիայէն ժամանած մասնակից ինքնաշարժերը՝ Նիկոսիոյ Ղա Սի Պի մարզադաշտի կանգառը։
Համայնքի երիտասարները, մասնաւորաբար, այս միջոցաւ իրենց վճռական բողոքի ձայնը արտայայտեցին ընդդէմ Թուրք-ազերիական ահաբեկչական բարբարոսութեան՝ հանդէպ Արցախի ազատատենչ ժողովուրդին, որ արդէն ամիսէ մը է վեր կը պատերազմի հերոսաբար իր ազատ եւ անկախ հայրենիքը եւ պապենական հողին վրայ իրաւացիօրէն ապրելու իրաւունքը պաշտպանելու համար:
Ինքնաշարժերու համագաղութային երթը կազմակերպուած էր Կիպրոսի Հայ համայնքի միասնական յանձնախումբին կողմէ, զոր կը կը տնօրինէ եւ կը համակարգէ Կիպրոսի մէջ ծաւալող մարդասիրական եւ նիւթական օժանդակութեան աշխատանքները։