Համախմբումը մեր կուսակցութիւններու թեկնածուներուն շուրջ, պէտք է ըլլայ մեր նպատակը. Հաղորդագրութիւն Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք Խորհրդարանի ընտրութիւնները, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը յայտարարէ հետեւեալը.
1.Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը գումարած է շարք մը ժողովներ լիբանանեան եւ հայկական կուսակցութիւններու հետ: Այս ժողովներու աւարտին, քննարկելէ ետք բոլոր տուեալները, ան կայացուցած է որոշում սատարելու համար հայկական աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցած թեկնածուներուն Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ:
2.Համախմբումը մեր կուսակցութիւններու թեկնածուներուն շուրջ, պէտք է ըլլայ մեր նպատակը: Առժամեայ լոզունգները կու գան ու կ'անցնին, կը մնայ մեր ժողովուրդին տասնամեակներէ ի վեր ծառայած կուսակցութիւններու աւանդը: Փոփոխութիւնը թող գայ մեր մէջէն, երկխօսութեամբ: Շինիչ քննադատութիւնը եւ տարբերակներու ներկայացումը պէտք է ըլլան միակ ձեւը իրարու հետ խօսելու: Կայուն երկխօսութեամբ մենք կրնանք հասնիլ մեր համայնքին հարցերը լուծելու:
3.Խորհրդարանի ընտրութեան արդիւնքները ըլլան մեր համայնքի եւ Լիբանանի օգտին եւ ոչ թէ հատուածի մը կամ անձի մը օգտին: Այս պէտք է ըլլայ մեր գերագոյն նպատակը:
Յարգանօք՝
Ի Դիմաց Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Ատենադպիր Ատենապետ
Վ.Թոսունեան Տոքթ.Ա.Տագէսեան
Պէյրութ, 5 Ապրիլ 2022