Հայկական ժառանգութիւնը որպէս ատրպէյճանական ներկայացնող պաստառները հանուած են Լոնտոնի մեթրոյէն. դեսպանութիւն

2021-03-23
Image

Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան տարած ճիգերը պսակուած  են յաջողութեամբ։

Խօսքը կը  վերաբերի Լոնտոն մէկապոլիսի մեթրոյի կայարաններու պատերուն հայկական Արցախը ատրպէյճանեան ներկացնող պաստառներուն, որ անցնող օրերուն  երեւելի դարձած էին։

Այս  մասին տեղեկութիւնը տուած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ  ՀՀ դեսպանութեան դիմատետրի էջը, որ մասնաւորապէս գրած է՝

«ՄԹ-ում ՀՀ դեսպանութեան, ինչպես նաեւ ՄԹ-ում գործող մի շարք համայնքային կազմակերպութիւնների ներկայացուած բողոքներից յետոյ, հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը՝ որպէս ատրպէյջանական ներկայացուող պաստառները հանւում են Լոնտոնի մեթրոյի կայարաններից»։