Հայոց Ցեղասպանութեան վկայ մը եւս շիջեցաւ. Ոչ եւս է Մեծ եղեռնէն ճողոպրած Աստղիկ Ալէմեանը
ԱՄՆ Մասաչուսեց նահանգի մէջ 109 տարեկան հասակին մահացած է Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած Աստղիկ Ալէմեանը:
Աստղիկը 5 տարեկան եղած է, երբ կորսնցուցած է ծնողներն եւ եղբայրները եւ ամբողջովին որբացած։ Ան մինչեւ 12 տարեկան ապրած է Սուրիոյ մանկատուներէն մէկուն մէջ, որմէ ետք անոր հօրեղբայր Կարապետը իրեն եւ քրոջը՝ Աննային, օգնած է տեղափոխուիլ ԱՄՆ:
1980-ականներէն սկսած՝ Ալէմեանը ամէն տարի մասնակցած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջոցառումներուն, որ կը կայացուէր նահանգի խորհրդարանէն ներս: 90 տարեկանին Աստղիկը ընտանիքին հետ միասին այցելած է Եգիպտոս եւ Սուրիա, ուր անցած է իր մանկութիւնը: