Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին ընդառաջ՝ Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի երթ

2022-04-21
Image

«Մենք կը քալենք՝ յանուն արդարութեան». Ապրիլ 20-ին, Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին նուիրուած բողոքի երթ մը։ Այդ մասին յայտնած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն Յովնան վարդապետը։

Երթին մասնակցիները բռնած էին «Մենք կը քալենք՝ յանուն արդարութեան» գրութեամբ պաստառներ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշներ։ Երթը սկսաւ Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց մայր տաճարէն դէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակաց բարեխօսութեան կարգը:

Կորիւն Յովնան վարդապետը հրապարակած է նաեւ լուսանկարներ։ Ապրիլ 24-ին բողոքի ցոյց մը կը նախատեսուի նաեւ Երուսաղէմի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան դիմաց, իսկ ապրիլ 25-ին տեղի պիտի ունենայ քայլերթ մը դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը։