Հայ-ամերիկեան համայնքը կը մնայ միացեալ իր զօրակցութեան մէջ հանդէպ Հայաստանի և Արցախի Հանրապետութեանց. Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արևմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը խստօրէն կը դատապարտէ վերջին ժամերուն Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած պատերազմական յարձակումը ազատատենչ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ու անկախ Արցախի Հանրապետութեան վրայ։ Համապատասխանօրէն կը դատապարտենք ամօթալի այս արարքը, որը հրահրուած է Թուրքիոյ կողմէ։
Մինչ Հայաստան ու Արցախ ջանադիր կը հետապնդեն խաղաղութիւն և երկխօսութիւն, Ատրպէյճանը կը քաջալերէ պատերազմը։ Ինչպէս միշտ, հայ-ամերիկեան համայնքը կը մնայ միացեալ իր զօրակցութեան մէջ հանդէպ Հայաստանի և Արցախի Հանրապետութեանց։ Այս զօրակցութիւնը անվերապահ է և անպայմանական, որովհետև զոյգ հանրապետութիւնները մահու – կենաց պայքար կը մղեն՝ ապահովելու համար իրենց գոյութենականութիւնը ընդդէմ իրենց թշնամիներուն։
Մենք կ’ողջունենք քաջարի մեր զինուորներու՝ Հայոց բանակի և Արցախի պաշտպանութեան բանակի հերոսական կեցուածքը, որոնք կը պայքարեն ապահովագրել տարածաշրջանի ներգրաւած իրավիճակը և բնակչութեան ապահովումը։
Կոչ կը յղենք միջազգային հանրութեան, ներառեալ Ամերիկայի Կոգրեսը, Միացեալ Նահանգաց Նախագահն ու Միացեալ Նահանգաց Կառավարութեան ենթակայ բաժանմունքները, որպէսզի անվերապահօրէն դատապարտեն Ատրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած յարձակումները և յարգելու Section 907 և United States Freedom Support Act-ը՝ արգելելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգաց կողմէ Ատրպէյճանին յղուած օգնութիւնը։
Մենք կը հաւատանք «Մէկ ազգ, մէկ նպատակ» լոզունգին, որուն մէջ մենք կը տեսնենք գրաւականը մեր մէկ ապագայի։ Մենք պիտի հետամուտ ըլլանք ստեղծուած կացութեան և պիտի համատեղենք մեր գաղութի բոլոր միջոցները՝ օգնելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան և Արցախի Հանրապետութեան։
Մեր կոչն է, որ իւրաքանչիւրս իր ուսերուն վրայ զգայ ազգային պարտականութիւնը՝ մասնակցելու armenianfund.org դրամահաւաքին, և իր գործնական մասնակցութիւնը բերելու Ատրպէյճանի հիւպատոսարանի դիմաց բողոքի ցոյցին, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2020-ին։
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ
Հայաստանեաց Արաքելական Եկեղեցի Արեւմտեան Թեմ
Առաջնորդարան Հայոց ԱՄՆահանգներու Արեւմտեան Թեմ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն
Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանգներու Շրջան
Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
Թէքէեան Մշակութային Միութիւն
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն
Միացյալ Հայ Երիտասարդներ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ամերիկայի Հայկական Համագումար
Հայ Իրաւաբանական Միութիւն
Պոլսահայ Միութիւն
Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն
Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն
Լոս Անժելեսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն
Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն
Ծառայողական Աշխատողներու Միջազգային Միութիւն
Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ