Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքը Վախճանած. Ցաւակցագիր՝ Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը սրտի խոր ցաւով իմացաւ մահուան գոյժը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի.Կապրոյեանի:
Ամենապատիւ Տիրոջ մահով հայ ազգը եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքը կորսնցուցին քաջ եւ իմաստուն հովիւ մը: Կապրոյեան պատրիարք մեծ գործ ունէր կատարելիք մեր ժողովուրդին համար ճակատագրական այս ժամանակաշրջանին, Հայաստանի, Լիբանանի թէ արտերկրի մէջ: Լիայոյս ենք, որ վախճանած Տիրոջ առաքելութիւնը պիտի շարունակէ իր արժանի յաջորդը, որովհետեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքին մէջ չեն պակսիր խիզախ հոգեւորականներ: Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի զաւակներուն ու միաբանութեան անդամներուն պարգեւէ երկնային համբերութիւն:
Ի Դիմաց՝
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան
Ատենադպիր Ատենապետ
Վ.Թոսունեան Տոքթ.Ա.Տագէսեան