Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները կը դատապարտեն Թուրքիոյ հրահրումը եւ մեղսակցութիւնը պատերազմի
Չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբեր 2020-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Սոցեալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներու հանդիպումը:
Առաջին առիթով ժողովականները քննարկեցին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը: Անոնք հաստատեցին հետեւեալները.
Ա.- Կանխամտածուած ու կանխորոշուած այս պատերազմին նախայարձակը Ազրպէյճանն է, որ կը վայելէ Թուրքիոյ անմիջական, ամբողջական եւ լիիրաւ զօրակցութիւնն ու մասնակցութիւնը այս պատերազմին:
Բ.- Շղթայազերծուած պատերազմին Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ մասնակից կը դառնան տարբեր երկիրներէ մեծ թիւով վարձկաններ:
Գ.- Էապէս դատապարտելի է թուրք-իսրայէլեան եւ իսրայէլեան-ազրպէյճանական քաղաքական եւ զինուորական դաշնակցութիւններու իբրեւ հետեւանք ու հարազատ արտայայտութիւն Իսրայէլի դերակատարութիւնը այս պատերազմին:
Դ.- Ազրպէյճան եւ Թուրքիա կը խախտեն մարդկային բոլոր կանոնները` ռմբակոծելով մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, այլ բնակավայրեր եւ խաղաղ բնակչութիւն:
Ե.- Զինուորական գործողութիւններու զուգահեռ, անոնք ծաւալած են քարոզչական աննախընթաց պատերազմ` իրականութիւնները խեղաթիւրելու եւ հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու առումով:
Զ.- Ճիգ կը տարուի հարցը ներկայացնելու իսլամ-քրիստոնեայ հակամարտութեան պարունակին մէջ, որ բոլորովին կը հակասէ պարզուած իրականութեան:
Ինչպէս անցեալին, այսօր նաեւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնեն Արցախի ժողովուրդին ու հայոց քաջարի բանակին մղած հերոսական դիմադրութեան եւ թշնամիի ծաւալապաշտական ու անմարդկային վարքագիծը կասեցնելու սրբազան առաքելութեան:
Երեք կուսակցութիւնները կը հաւատան ու կը հաստատեն, որ այս պատերազմին մէջ Արցախի ժողովուրդը ընկրկում պիտի չճանչնայ եւ իր քաջարի խոյանքով պիտի պարտաւորեցնէ թշնամին նստելու բանակցութեանց սեղան:
Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի ներքաղաքական ներկայ զարգացումներուն եւ յատկապէս կառավարութեան կազմութեան խիստ կենսական անհրաժեշտութեան: Երկրին մէջ ստեղծուած տնտեսական ու ապահովական անկայուն իրավիճակը օրէ օր իր ծանր հետեւանքները կ՛ունենայ քաղաքացիներուն վրայ, որոնք կը դիմագրաւեն առողջապահական, ընկերային-տնտեսական եւ նաեւ բազմաթիւ դժուարութիւններ: Հետեւաբար հայ քաղաքական կուսակցութիւնները կը պահանջեն բոլոր կողմերէն` այս փուլին ըլլալու զգաստ ու առաջնորդուելու Լիբանանը դէպի անդունդ առաջնորդող եւ գահավէժ ընթացքի կասեցման սկզբունքով: Հատուածական շահերէն վեր բարձրանալու ու հաւաքական կամք ու վճռակամութիւն ցուցաբերելու հրամայականը այսօր պէտք է դառնայ քաղաքական բոլոր կողմերուն գերխնդիրը:
Վերջապէս ժողովը անդրադարձաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ ստեղծուած Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի տարած լայնածաւալ գործունէութեան` գնահատելով ցարդ իրագործուած նախաձեռնութիւնները, եւ անգամ մը եւս հաստատեց միացեալ ճիգերով հայ համայնքի վերականգնումը իրականացնելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:
Ժողովը ծանօթանալէ ետք մարմինի յառաջիկայ աշխատանքներուն, խիստ օգտակար նկատեց ընկերային ծառայութիւններու ընդարձակումը, հայորդիներու կենսական կարիքներուն անսալու պատրաստակամութիւնը, եւ վերջապէս` ազգային, եկեղեցական ու միութենական աշխատանքներու վերաշխուժացման համար մարմինի ցուցաբերած նիւթական զօրակցութիւնը: Լիբանանահայութեան վերականգնումի եւ ճգնաժամի յաղթահարման աշխատանքներու ծիրին մէջ ժողովը ողջունեց հայաշխարհին ցուցաբերած ամբողջական զօրակցութիւնը:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ