ՀԲԸՄ-ի կոչով յանուն լիբանանահայերու հանգանակուած է աւելի քան երկու միլիոն տոլար

2020-08-12
Image

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնն աւելի քանի երկու միլիոն տոլար հանգանակած է յատուկ հիմնադրամի միջոցով լիբանանահայերուն աջակցութիւն տրամադրելու համար։ Այս մասին կը տեղեկացնէն ՀԲԸՄ մամուլի գրասենեակէն։

«Գրեթէ մէկ շաբաթ առաջ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ պայթումէն անմիջապէս ետք ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութիւնը աշխարհի բոլոր ծագերուն մէջ անյապաղ հանգանակութեան կոչեր տարածեց՝ արագացնելու օգնութեան յատուկ հիմնադրամի միջոցով լիբանանահայերուն հասցուելիք աջակցութիւնը: Ամբողջ աշխարհէն բարերարներու եւ նուիրատուներու կողմէ անմիջապէս ուղարկուած առատաձեռն աջակցութեան շնորհիւ միայն հանգստեան օրերուն հանգանակուեցաւ աւելի քան մէկ միլիոն տոլար: Առաջին միլիոնը կրկնապատկուեցաւ ՀԲԸՄ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու կողմէ, որոնք ստանձնեցին յաւելեալ յանձնառութիւն՝ կրկնապատկելու առաջիկայ շաբաթներու ընթացքին այս հրատապ ջանքերու շնորհիւ գոյացած բոլոր միջոցները:

Առաջին խոշոր՝ 100,000 ԱՄՆ տոլար եւ աւելի նուիրատւութիւն կատարողներն էին՝ Էլի եւ Էլզպիեթա Աքլեանները (ԱՄՆ), Երուանդ Տէմիրճեանը (ԱՄՆ), Հայկ եւ Էլզա Թիթիզեանները (ՄԹ), Նիկոլ Քուլաճեանը (ԱՄՆ), Լեւոն եւ Քլաուտիա Նազարեանները (ԱՄՆ), Ժոզէֆ եւ Ժեննի Ուղուրլեանները (ՄԹ), Պերճ եւ Վերա Սեդրակեանները (ԱՄՆ), Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեանները (ԱՄՆ), Սինան եւ Անժել Սինանեանները (ԱՄՆ) եւ մէկ անանուն նուիրատու (ԱՄՆ):

ՀԲԸՄ-ը երախտագիտութիւն կը յայտնէ բոլոր բարերարներուն, ինչպէս նաեւ մեր հրաշալի նուիրատուներուն, այդ շարքին՝ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ապրող երիտասարդ մասնագէտներուն ու համախոհներուն:

«Մենք հիացած ենք մէկ շաբաթէն ալ պակաս ժամանակահատուածի մէջ երթալէն աւելցող տպաւորիչ նուիրատւութիւններով», - նշած է ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեանը: «Մեր համատեղ ուժերով է, որ կրնանք արձագանգել առկայ կարիքներուն՝ ՀԲԸՄ Աղէտներու արձագանգման ստորաբաժանման կողմէ աննախադէպ կամաւորական գործունէութեան շնորհիւ»:

ՀԲԸՄ-ը կը դիմէ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ կոչ ընելով անյետաձգելի ու առատաձեռն նուիրատւութիւններու միջոցով փրկօղակ նետել Լիբանանի իրենց հայրենակիցներուն, որ պիտի օգնէ առաւելագոյնս օգտուիլ նուիրատւութիւնները կրկնապատկելու այս հնարաւորութենէն:

Նկատի առնելով փոսթով նուիրատւութիւններ կատարելու հետ կապուած ներկայիս բարդութիւնները՝ կը խնդրենք նուիրատւութիւնները կատարել առցանց կամ հեռախօսով: Նիւ Եորքի Citibank-ի մէջ ստեղծուած օգնութեան հիմնադրամի եւ վերջինիս նպատակներուն մասին յաւելեալ տեղեկատւութիւն կրնաք ստանալ www.agbugiving.org/lebanon կայքէջէն կամ զանգելով 212-319-6383 հեռախօսահամարով (երկուշաբթիէն ուրբաթ օրերուն՝ Նիւ Եորքի ժամանակով առաւօտեան 9-էն մինչեւ երեկոյեան 5-ը): ելեկտրոնային փոխանցումներու համար գրեցէ՛ք հետեւեալ ել. հասցէով. [email protected]: