Ճափոնական մամուլը անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութենէն տուժածներուն օգնութիւն ցուցաբերած Էյչի Շիպուսաուային

2021-10-25
Image

Ճափոնական «Nikkei» թերթի հոկտեմբեր 20-ի թիւին մէջ հրապարակուած է յօդուած մը՝ ճափոնցի յայտնի գործարար ե բարերար, հայ ժողովուրդին բարեկամ Էյչի Շիպուսաուայի մասին, որ 1920-ական թուականներուն Ճափոնի մէջ մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայերուն: Այս մասին կը յայտնէ Ճափոնի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։ 

Յօդուածին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ սոյն թուականի յուլիս 23-ին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի՝ Թոքիոյի մէջ Շիպուսաուայի անուան թանգարան-հիմնադրամ այցելութեան, որուն ընթացքին ՀՀ նախագահը Էյչի Շիպուսաուայի ծոռան՝ Մասահիտէ Շիպուսաուային յանձնած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի «Հենրի Մորկընթաու» յուշամետալը: