Մահացած է ֆրանսահայ գեղանկարիչ Ռիշար Ժերանեանը

2019-10-14
Image

98 տարեկանին  Փարիզի մէջ մահացած է ֆրանսահայ գեղանկարիչ Ռիշար Ժերանեանը (Richard Jeranian)։

Ռիշար (Խաչատուր) Անդրանիկի Ժերանեանը ծնած է Սեբաստիա քաղաքը, 17 Յուլիսի 1921-ին, 7 տարեկանէն ապրած է Ֆրանսայի մէջ։ 1938-1942 թուականներուն սորված է Մարսէյլի գեղարուեստի դպրոցէն ներս, 1946-1948 թուականներուն` Փարիզի Կրան-Շոմիէր եւ Ժիւլիան ակադեմիաներուն մէջ։

Ժերանեանը ստեղծած է հիմնական իրաւապաշտական բնապատկերներ, նաթիւրմորտներ, կրաֆիքական քոմփոզիցիաներ, կանանց մարմնապատկերներ։ Արուեստագէտը իր ստեղծագործական կեանքի ողջ ընթացքին բազմաթիւ ցուցահանդէսներ ունեցած է աշխարհի տարբեր քաղաքներուն մէջ (Փարիզ, Մարսէյլ, Պէյրութ, Թեհրան, Ժընեւ, Միւնխէն, Նիւ Եորք, Ուաշինկթըն, Տալլաս, Երեւան, Գիւմրի եւ այլն), արժանացած է շարք մը մրցանակներու:

Խորհրդային տարիներէն ի վեր (1950-ական թուականներէն սկսեալ) արուեստագէտը պարբերաբար ցուցադրուած է Հայաստանի մէջ: 2011 -ին ան վերջին անգամ եկած էր Հայաստան, բացուած էր նկարիչի  անհատական ցուցահանդէսը:

Արուեստաբան Լիլիթ Սարգսեանի բնորոշմամբ, Ռ. Ժերանեանը կարծես հանդիսացած է Հայաստանի «արուեստագէտ-դեսապանը» Եւրոպայի եւ Եւրոպայինը` Հայաստանի մէջ: