ՄարսԷյլի մէջ կրակած են «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» մշակոյթի կեդրոնի ուղղութեամբ

2021-01-26
Image

Կրակած են Մարսէյլի «Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ» մշակոյթի կեդրոնի վրայ: 

Դէպքը տեղի ունեցած է 24 յունուարին՝ ժամը 18:40-ին:

«Սա հայկական ամենախորհրդանշական կեդրոններէն մէկն է: Սրահին մէջ շաբաթական կը սորվին աւելի քան 250 երեխայ: Անհանգստութիւնս անսահման է: Վստահ եմ՝ կառավարութիւնը կ'երաշխաւորէ հետագայ անվտանգ գործունէութիւնն ապահովելու համար: Մենք անկոտրում ենք», -«Հայերն Այսօր»ին ըսած է «Աբովեան» վարժարանի նախագահ Կարէն Խուրշուտեանը:

Տեղի ունեցածէն ետք ոստիկանութիւնը այցելած եւ ուսումնասիրած է դէպքի վայրը: Հրազէնը կոտրած է երկրորդ յարկի պատուհանը, ուր դաշնամուրի դաս կ'իրականացուէր: Տուժածներ չկան:

Դէպքի առնչութեամբ Մշակոյթի կեդրոնի նախագահը բողոք ներկայացուցած է ոստիկանութիւն:

Մշակոյթի կեդրոնը Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգման կեդրոնակայանն է: Արցախեան պատերազմի ժամանակ այն կը համակարգէր Մարսէյլէն եւ երկրի հարաւէն դէպի Հայաստան ուղարկուող մարդասիրական օգնութիւնը:

Մինչեւ այս նմանօրինակ դէպքեր տեղի ունեցած են Պերլինի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Փարիզի եւ Տեսինի մէջ, երբ վանտալիզմի ենթարկուած էր Կոմիտասի արձանը եւ Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը: Այս գործողութիւններուն մէջ ներգրաւուած էր «Գորշ գայլեր» թուրք ծայրայեղ ազգայնական խմբաւորումը, որ լուծարուած է Ֆրանսայի մէջ: