Մաքրոն պիտի մասնակցի CCAF-ի ամենամեայ ընթրիքին
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պիտի մասնակցի Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի ամենամեայ ընթրիքին: Այդ մասին «Արմենբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը:
Այս տարի հայ համայնքի ամենամեայ ընթրիքը պիտի կայանայ 29 յունուարին: Մուրատ Փափազեանը տեղեկացուցած է, որ միջոցառման պատուաւոր հիւրն է թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամը:
Ընթրիքը նախատեսուած է Փարիզի l’Hôtel du Collectionneur-ի մէջ: Ընթրիքին կ'ակնկալուի Ֆրանսայի նախագահի ելոյթը:
Յայտնի է, որ աւանդական դարձած իւրաքանչիւր ընթրիքի կը մասնակցին Ֆրանսայի նախագահը, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն, կառավարութեան անդամներ, խորհրդարանականներ, Ֆրանսայի պետական եւ տեղական իշխանութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ հոգեւոր հայրեր: