Մոնրէալի մէջ բացուած է Կոմիտաս վարդապետի արձանը

2020-09-07
Image

Գանատայի Քէպէք նահանգի Մոնրէալ քաղաքին մէջ երէկ բացուած է Կոմիտաս վարդապետի յուշարձանը: Այս մասին կը տեղեկանանք Գանատայի «Հայ դատ»ի գրասենեակի ֆէյսպուքեան էջէն:

«Հայ դատ»ի գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ հանճարի արձանի հեղինակը Մոնրէալ ապրող քանդակագործ Մկրտիչ Տարաքճեանն է:

«Հայ ժողովրդական երգի հայրը՝ Կոմիտասը, ֆիզիքապէս վերապրեցաւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը, բայց հոգեբանական ցաւին չդիմացաւ»,- գրուած է ֆէյսպուքեան էջին։

 

  •