ՊԱՀՆ Է ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

2020-10-16
Image

Նկատի ունենալով որ, Արցախի մէջ արդէն 27 Սեպտեմբերին սկսած եւ օր ըստ օրէ զարգացող եւ թէժացող պատերազմական իրաւիճակը եւ անոր առընթեր ընթացող տեղեկատուական, դիւանագիտական եւ հանրային կարծիքի ձեւաւորման ուղղուած պայքարը եւ ընդգծելով այս ժամանակահատուածին մեր համազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը՝

Երուսաղէմի ՌԱԿի Էօժէն Բաբազեանի շրջանակը եւ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը կոչ կ՛ընեն բոլորին ամէն գնով պահպանելու ազգային միասնականութիւնը, համախոհութիւնը եւ մէկ ու միակ գերագոյն պայքարին շուրջ գոյացած համախմբուածութիւնը։

Մեր Հայրենիքը եւ մեր հերոս բանակը օր ու գիշեր պատերազմ կը մղէ ընդդէմ ցեղասպան եւ ոճրագործ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին։

Մեր միասնականութիւնը, Հայուն հզօր եւ բռցքուած բանակի մեր հերոս զինուորին կողքին անսակարկ նուիրումով կանգնիլը եւ աջակցիլը մեր միակ ազգային օրակարգն է։

Բոլորս պէտք է պատրաստ ըլլանք թշնամիին դէմ ամուր կանգնելու, ամէն գնով զերծ մնալով մեր միասնականութիւնը խաթարող ճղճիմ գցուց եւ նեղ հաշիւները հետապնդելէ։

Բնա՛ւ ժամանակը չէ անձնական կամ հատուածական կարծիքներու առաջմղումը եւ անհատական ԵՍի մանր շահախնդրութեան բաւարարումէ դրդուած՝ ոչ շինիչ եւ բաժանարար գիծեր առաջացնող քննադատական արտայայտութիւններու։ Որեւէ հակամիասնականութիւն կրնայ չարաշահուիլ թշնամիին կողմէ։ Պատերազմի ժամանակ համայն Հայ ժողովուրդը պարտի ըլլալ միակամ եւ համախմբուած՝ Հայրենիքի եւ Հայ ժողովուրդի յաղթանակի ի գին։

 

Կեցց՛է Հայոց հզօր բանակը։

Կեցց՛է Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Կեցց՛է Արցախի Հանրապետութիւնը։

Կեցց՛է Հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը։

 

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՌԱԿԻ ԷՕԺԷՆ ԲԱԲԱԶԵԱՆ ԱԿՈՒՄԲ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ 

#ՅաղթելուԵնք