Պատմական ուխտագնացութիւն դէպի Տէր Զօր

2022-04-25
Image

Գլխաւորութեամբ՝ Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մասիս եպս. Զոպուեանի ուխտագնացութիւն մը իրականցուած է դէպի Տէր Զօր: 

Ուխտագնացութեան մաս կազմած է Սուրիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Ժիրայր Ռէիսեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Հալէպի եւ Ճէզիրէի շրջանի ազգային գործիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, աւանդական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիներ, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ այլ համայնքներու հոգեւոր ներկայացուցիչներ:

4

Նշենք, որ որպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչ՝ Տէր Զօր ուխտագնութեան մասնակցած է Հալէպի Շրջ. Վարչ. Ատենապետ Ընկ. Կարօ Շուշանեանը:

Այցելութեան ընթացքին անդամները գլխաւորութեամբ սրբազան հօր շրջագայած են Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց աւերակուած եկեղեցւոյ շրջապատին մէջ, որմէ ետք ալ մատուցուած է Սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Ս. Պատարագին ներկայ եղած են նաեւ նահանգապետ, դատաւոր՝ Ֆատել Նաժար, Պաաս կուսակցութեան քարտուղար՝ Ռաէտ Ալ Ղատպան եւ կարգ մը զինուորական հրամանատարութեան ներկայացուցիչներ, այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, եւ  նահանգին մէջ գործող միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ հայցած է առ Աստուած, որ Սուրիոյ ժողովուրդին, բանակին եւ ղեկավարութեան պսակէ յաղթանակ իր ամենաթէժ պայքարին մէջ ընդդէմ ատելութեան եւ անարդարութեան: Ան նաեւ աղօթած է հայ նահատակներու հոգիներուն համար, որոնք զոհ գացած են Օսմանեան Թուրքիոյ ոճիրներուն: 

 Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիան իրագործեց ամէնէն սարսափելի կոտորածները անպաշտպան հայ ժողովուրդին դէմ հաստատելով  իր ատելութիւնը, արիւնարբու ըլլալը եւ թերագնահատումը մարդկային հոգիի ու անոր կեանքի իրաւունքին: 

5

Իր հերթին Տէր Զօրի նահանգապետ դատաւոր՝ Ֆատել Նաժար ելոյթ ունեցած է, եւ մատնանշած սիրոյ եւ բարեկամութեան ոգին, որ կը միաւորէ սուրիացի եւ հայ ժողովուրդները, յիշեցնելով նաեւ թրքական վարչակարգի ոճիրները հայ ժողովուրդին դէմ, որոնք նոյն ոճիրներն են, ինչ ան փորձեց իրագործել Սուրիոյ բնակչութեան եւ սուրիական հայրենիքին դէմ, սակայն պարտուեցաւ ու անոր նպատակները տապալեցան շնորհիւ ժողովուրդի, ղեկավարութեան եւ սուրիական բանակիի գիտակցութեան եւ համախմբուածութեան, որ կարողացաւ մաքրել Տէր Զօրը թրքական վարչակարգի վարձկաններէն եւ ձախողեցուց անոնց ծրագիրները տարածաշրջանին մէջ։

Նշուած է նաեւ թէ Սրբազան հայրը. անդրադարձած է սուրիացի ժողովուրդի հիւրընկալութեան, յիշեցնելոէ թէ ինչպէս Սուրիան ու անոր ասպնջական ժողովուրդը ընդունած են Թուրքիոյ ջարդերէն խոյս տուած հայ ժողովուրդը յատկապէս Տէր Զօրի մէջ։ Սրբազանը մաղթած է, որ Աստուած  Սուրիոյ պարգեւէ լիակատար յաղթանակ շնորհիւ նախագահ՝ Պաշար Ալ Ասատի իմաստուն ղեկավարութեան, որ կրցաւ յաղթական մնալ Սուրիոյ դէմ կատարուած ամենավատ պատերազմին:

Բերիոյ Թեմի դիմատետրի էջը, որ այս մասին նաեւ յայտարարած էր աւելի վաղ, այս ուխտագնացութիւնը վերնագրած է որպէս «Ուղեւորութիւն Ի Հաստատումն Ուխտի եւ Պահանջատիրութեան»:

2