Պէյրութ. ՌԱԿ մասնակցութիւն բերաւ Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման ձեռնարկին
Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Պատարագը մատուցեց Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։
Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ սրբոց նահատակաց Բարեխօսական Կարգը, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, որուն անմիջապէս յաջորդեց Նորին Սրբութեան Հայրապետական պատգամը։
Հայրապետին խօսքին յաջորդեց Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան խօսքը, որ արտասանեց Վանիկ Տագէսեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան խօսքը, որ արտասանեց Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ՝ Ընկ. Վաչէ Տօնէրեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խօսքը, որ արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան։ Գեղարուեստական յայտագիրով Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի անդամ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան ներկայացուց նահատակներու նուիրուած երգ մը։
Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը, յիշեալ կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ միութիւններ ու մարմիններ Սրբոց Նահատակաց մատրան դիմաց ծաղկեպսակներ զետեղեցին ի յարգանս աւելի քան մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներուն։
Հայ աւանդական երեք կուսակցութիւններու անունով ծաղկեպսակ զետեղեցին՝ ՌԱԿ-ի կողմէ՝ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Աւետիս Տաքէսեան, ՀՅԴ-ի կողմէ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի կողմէ՝ Վարիչ Մարմինի անդամ Փօլ Եագուպեան:
Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբացեալ նահատակներուն նուիրուած Ս. Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, նախարարներ ու երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու, կազմակերպութիւններու, միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներ։
Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգով։