Պոլիսը կը պատրաստուի նոր Պատրիարքի ընտրութեան. Նախնական տուեալներով Սահակ Սրբազան առաջատար
Ոչ պաշտօնական տուեալներով Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի կողմնակից պատգամաւորներու թիւը հասած է 89-ի: Այս մասին կը տեղեկանանք «Արեւելք»էն:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ երէկ գիշեր ուշ ժամերուն արդէն իսկ ընկերային ցանցի տարբեր հարթակներու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած են թուանշաններ՝ կապուած երէկ տեղի ունեցած պատգամաւորներու ընտրութեան արդիւնքներուն:
Կը նշուի նաեւ, որ ներկայ պահու դրութեամբ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի պատգամաւորներու թիւը հասած է 89-ի, մինչ Արամ Աթէշեան սրբազան ունի 12 պատգամաւորներ:
Այս թիւերուն վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ 17 կրօնական պատգամաւորները, որոնց քուէարկելու դրոյթը պիտի մնայ խորհրդապահական եւ, բնականաբար, պարզ պիտի դառնայ յառաջիկայ չորեքշաբթի՝ ընտրութեան օրը:
Յիշեցնենք, որ չորեքշաբթի տեղի պիտի ունենայ ընտրական մեծ ժողով, եւ պոլսահայութիւնը պիտի ընտրէ իր արժանի 85-րդ պատրիարքը:
Նշենք, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը երկաստիճան է: Նախ կ՝ընտրուին պատուիրակներ՝ հոգեւորական դասէն եւ համայնքի անդամներէն: Հոգեւորական պատուիրակները, որոնք 17 են, ընտրուած են Դեկտեմբեր 7-ին՝ ընդհանուր կրօնական ժողովին կողմէ, իսկ համայնքի պատուիրակները՝ 103 հոգի, ընտրուած են Դեկտեմբեր 8-ին: