Պոլսահայ բժիշկը անդամ՝ Էրտողանի կուսակցութեան ղեկավար կազմին

2021-03-25
Image

Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան համագումարի ժամանակ կուսակցութեան գործադիր կոմիտէի անդամ դարձած է պոլսահայ բժիշկ Սեւան Սըվաչըօղլուն։

Թրքական Milliyet–ի փոխանցմամբ՝ իշխող կուսակցութեան նախագահ կրկին ընտրուած է  Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, իսկ գործադիր կոմիտէի անդամներու կազմին մէջ տեղ գտած է պոլսահայ բժիշկը։

Սեւան Սըվաչըօղլուն 1993-1999 թուականներուն ուսանած է Իսթանպուլի համալսարանի բժշկական բաժնէն ներս։  Որպէս վիրաբոյժ աշխատած է Պոսլոյ հայկական հիւանդանոցին մէջ։