Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 11–ին
Պոլսոյ Հայոց նորընտիր պատրիարք եպիսկոպոս Սահակ Մաշալեանը 12 յունուարին պիտի մատուցէ իր առաջին պատարագը։
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն կը տեղեկացնեն, որ 11 յունուարին Աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ պատրիարքի գահակալման արարողութիւնը։
Նշենք, որ 11 դեկտեմբերին Պոլսոյ Հայոց պատրիարք ընտրուած է Սահակ Մաշալեանը։