Պոլսոյ հրապարակներէն մէկը պիտի անուանակոչուի Պալեաններու անունով

2021-10-14
Image

Իսթանպուլի Սկիւտար թաղամասի հայկական Սուրբ Խաչ գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան ամենայայտնի հայ ճարտարապետներու՝ Պալեաններու ընտանիքին յիշատակի միջոցառումը։

Միջացառման մասնակցած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը, Իսթանպուլի քաղաքապետը եւ պոլսահայ յայտնի գործիչներ։

Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն մեծ կարեւորութիւն տուած է Պալեաններու ընտանիքի ճարտարապետական գործունէութեան՝ շեշտելով, որ այն հարստացուցած է Իսթանպուլի մշակութային ժառանգութիւնը։  Իսթանպուլի քաղաքապետը շեշտած է, որ իր ձեռքէն եկածը պիտի ընէ, որպէսզի հրապարակներէն մէկը անուանակոչուի Պալեաններու անունով։

Պոլսոյ Հայոց Սահակ Արք. Մաշալեան պատրիարքը գոհունակութիւն յայտնած է քաղաքապետի այս նախաձեռնութեան առթիւ։

Նշենք, որ Պալեանները Օսմանեան կայսրութեան ամենայայտնի ճարտարապետներն էին։ Պալեանները կառուցած են Իսթանպուլի մէջ շքեղ պալատներ, կամուրջներ, մզկիթներ, եկեղեցիներ եւ տարբեր նշանակութեան շէնքեր։