Պոլսոյ մէջ հայկական դպրոցը ենթարկուած է վանտալական գործողութեան
Թուրքիոյ Իսթանպուլ քաղաքին մէջ գործող հայկական դպրոցը վանտալիզմի ենթարկուած:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Մասիսփոսթ»ը, վանտալիզմի արարքը տեղի ունեցած է այն ժամանակ, երբ հայերը կը պատրաստուին նշելու Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցը:
Իսթանպուլի նոյն դպրոցին նկատմամբ վանտալիզմի դրսեւորումներ եղած էին նաեւ 2016 թուականի Նոյեմբերին: Դպրոցի պատերուն յայտնուած էր «գիշեր մը, մենք յանկարծ պիտի ըլլանք Ղարաբաղի մէջ» գրութիւն:
2016 թուականին հակահայկական գծագրութիւններով վանտալիզմի ենթարկուած են նաեւ Սկիւտարի Սուրբ Խաչ ճեմարանը եւ Գալֆայեան դպրոցը: Այն ժամանակ պատերուն յայտնուած էին «Ապրի թրքական ցեղը» եւ «Տանջել հայերը» գրութիւնները: