Ջաւախքը՝ վրացի համաճարակաբաններու ուշադրութեան կեդրոն․ ՀՀ-էն յուղարկավորութեան եկած տղամարդը վարակուած էր COVID 19-ով
Աճարիայէն ետք վրացի համաճարակաբաններու ուշադրութեան կեդրոնը յայտնուած է Ախալցխան (Ջաւախքի մարզ), ուր մասնագէտները կ'ուսումնասիրեն աւելի քան 150 մարդու շփումները, այս մասին կը հաղորդէ Rustavi2 հեռուստաընկերութիւնը։
Լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններով՝ անոնք մասնակցած են կնոջ մը յուղարկաւորութեան, որուն որդին, պարզուած է, որ վարակուած էր «Քորոնա» ժահրով։ Ան յուղարկավորութեան եկած էր Հայաստանէն, իսկ անոր վարակման մասին յայտնի դարձած էր միայն Վրաստանէն հեռանալէն ետք:
Քաղաքացիները հիմա Պաքուրիանիի մէջ քարանթինի մէջ են։ Անոնց շարքին է «Միասնական ազգային շարժում» կուսակցութեան անդամը եւ կազմակերպութեան տեղական թեւի նախագահը։ Բուն Ախալցխայի մէջ քանի մը հաստատութիւններ փակ են։
«Միջադէպէն ետք, երբ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մարդը այցելած էր մեր քաղաք, առաջացած է որոշակի իրարանցում, յայտնաբերուած են այդ մարդու բոլոր հնարաւոր շփումները, եւ այդ մարդիկ տեղափոխուած են քարանթինային գօտիներ ու ինքնամեկուսացած են»,- հեռուստաընկերութեան յայտնած են տեղացիները։
Վրաստանի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման հաստատուած 3 502 դէպք, ապաքինուած է 1 494 հիւանդ, 19-ը մահացած է։