Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Մասնակցութիւնը Հայ կաթողիկէ Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի Գահակալութեան Արարողութեան

2021-10-27
Image

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ընկեր Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի եւ ընկերակցութեամբ ընկերներ Տոքթ.Ժոզէֆ Կրպոյեանի, Լեւոն Բարսեղեանի եւ Վիգէն Թոսունեանի մասնակցեցան Հայ կաթողիկէ Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի գահակալութեան արարաողութեան, որ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ աթոռանիստ Սբ.Գրիգոր Լուսաւորիռ-Սբ.Եղիա եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան մասնակցեցան Հանրապետութեան նախագահի, Խորհրդարանի նախագահի եւ վարչապետին ներկայացուցիչները, Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը, Լիբանանի քրիստոնէական բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, հայկական քաղաքակական բոլոր կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Յատկանշական էր Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլի ներկայացուցիչին մասնակցութիւնը այս արարողութեան:  Հաոգեպարար արարողութիւնը դարձաւ համալիբանանեան եւ համահայկական սիրոյ եւ եղբայրութեան տօնի մը:

5

Գահակալութեան արարողութեան հանդիսապետեց Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան կառավարիչ եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Արհ.Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան, շրջապատուած Սիւնհոդոսական հայրերով: Արարողութեան ընթացքին, արաբերէն լեզուով Աւետարանը ընթերցեց յոյն կաթողիկէ Ապսի պատրիարքը: Իսկ մարոնի պատրիարք Ռահի մասնակցեցաւ Աւետարանի ընթերցանութեան: Մեծի Տանն կիլիկիոյ Արամ Ա.-ի ողջոյնի խօսքը արտասանեց Լիբանանի առաջնոր Շահէ արքեպիսկոպոս Փանոսեան: Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին նաեւ կրօնական տարբեր համայնքներու եւ Հռոմի պապի  ներկայացուցիչները:

5

Արարողութեան աւարտին, նորաօծ պատրիարքը ընդունեց շնորհաւորութիւններ: Ընկեր Տագէսեան Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով շնորհաւորեց հոգեւոր Տէրը եւ անոր մաղթեց արեւշատութիւն եւ յաջողութիւն:

5

Յաջորդ օր Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ընկեր Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի եւ ընկերակցութեամբ ընկերներ Տոքթ.Ժոզէֆ Կրպոյեանի, Տոքթ.Սահակ Թաշճեանի եւ Վաչէ Տօներեանի այցելեցին Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան եւ շնորհաւորեցին հոգեւոր Տէրը իր պաշտօնի ստանձնումին առիթով: Անոնք մաղթեցին որ ամենապատիւ պատրիարքի գործունութէիւնը ըլլայ հեզասահ այս դժուար պայմաններուն մէջ: Պատուիրակութիւնը հոգեպէս բաւարարուած հեռացաւ պատրիարքարանէն, լսելով հոգեւոր Տիրոջ դրական եւ յուսալից խօսքերը:

 

 Վ.Թոսունեան

Պէյրութ, 25 Հոկտեմբեր 2021