Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա.Կաթողիկոսին
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկեր Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանի, 2 Մայիսի առաւօտեան ժամը 9-ին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
Պատուիրակութիւնը Վեհափառ հայրապետին փոխանցեց իր պատկերացումը Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու մասին: Վարչութիւնը բարձրօրէն գնահատեց վեհափառին կեցուածքը երեսփոխանական ընտրութիւններու վերաբերեալ, կոչ ուղղելով ընտրողներուն ընտրել արժանի թեկնածուներ, որոնք իրենց գործով օժանդակած են համայնքի վերելքին: Արծարծուեցան նաեւ հայութիւնը տագնապնեցնող հարցեր, ինչպէս Լիբանանի տնտեսական պայմանները, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական վիճակը:
Վեհափառը իր կարգին դրուատեց Ռ.Ա.Կ.-ի կեցուածքը, օժանդակելու հայ աւանադական կուսակցութիւնները ներկայացնող թեկնածուներուն: Հայաստանի պարագային՝ միասնականութեան պահպանումը ամենամեծ երաշխիքն է մեր յաջողութեան եւ այս տագնապը շրջանցելու ամենաքիչ վնասով: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց խորհրդակցութեան կարեւորութիւնը ազգի բոլոր կառոյցներուն, հայրենիքի ու սփիւռքի միջեւ ճակատագրական որոշումներ կայացնելէ առաջ:
Մէկ ժամ տեւած ժողովի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար:
Պէյրութ, 2 Մայիս 2022